$140.00

Հրաչեայ Աճառեանի հինգ հատորներէ կազմուած ՀԱՅՈՑ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐԻ ԲԱՌԱՐԱՆի շարքի առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսած էր երեւանի մէջ 1942 – 1961 տարիներու ընթացքին, ապա Լիբանանի մէջ Սեւան հրատարակչատունը վերահրատարակեց այս շարքը 1972 – ին: 2006 թուականին հալէպի մէջ լոյս տեսած նորագոյն հրատարակութեան մասին հանրայայտ գրագէտ հրապարակագիր Ռոպէր Հատտէճեան Պոլսոյ ՄԱՐՄԱՐԱ օրաթերթին մէջ 31 Յունուար 2007 –ին, կանդրադառնայ որմէ մէջբերում մը՝ «Հալէպի «ԿԻԼԻԿԻԱ»  մատենաշարի նախանձախնդիր աշխատանքով ու Կիւլպէնկեան Հիմնարկի պատուէրով լուսանկարչական դրութեամբ վերահրատարակուեցաւ Հրաչեայ Աճառեանի նշանաւոր «Հայոց Անձնանունների Բառարան» խորագրեալ հոյակապ աշխատասիրութիւնը հինգ հատորով, աւելի քան 3000 էջ:

Ամէն բանէ առաջ, որպէս հայ մշակույթի երկրպագու մամուլ ու հեղինակ, մենք երախտագիտական զգացումներով է որ պիտի ողջունենք այս փառաւոր հրատարակութիւնը: Այս հրատարակութեան շնորհիւ մենք մեր գրադարաններէն ներս կ՝ընդունինք գործ մը որ աներեւակայելի ճոխութիւն ու այլազանութիւն, անհաւատալի բովանդակութիւն ունի հայ ժողովուրդի տարիներէ ի վեր ընդունած,գործածած ու տարածած անձնանուններու մասին: Ասիկա ո՛չ միայն հայկական անուններու հանրագիտարան մըն է, ստուգաբանութեան ու անուններու նշանակութեան առումով, այլ նաեւ իւրաքանչիւր անունով նշանաւոր եղած հայ մարդոց մասին տեսակ մը «Ով է ան» մը, կենսագրութիւններն ու անոնց գործերուն նուիրուած համայնագիտարան մը»:

ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

In stock

Additional information

Weight 4.250 kg
Dimensions 20 × 14 × 14 cm

Reviews

There are no reviews yet.

Only logged in customers who have purchased this product may leave a review.