ԿԻԼԻԿԻԱ ԳՐԱՏՈՒՆ – ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ Հիմնուած 1981-ին Հալէպ, Տէր եւ Տնօրէն Մաթիկ Էպլիղաթեան
CILICIA BOOKSTORE & PUBLISHING HOUSE Founded 1981 Alep, Owner & Director Mateos Eblighatian
ԿԻԼԻԿԻԱ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ԿԻԼԻԿԻԱ Գրատունը հիմնուած է Սեպտեմբեր 1981-ին, Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքին մէջ: Շրջուն գրավաճառ «Մկրտիչ Խօճա»ի գիրքերու ժառանգը գնելով սկիզբը եղաւ գրավաճառատան, հօրս փաստաբանական գրասենեակին մէջ, որպէս սիրողական ասպարէզ:
1988-ի Դեկտեմբերին փոխդրուեցաւ Սուլէյմանիէի մայր պողոտայի աջին, փոքր վաճառատուն մը: Լիբանան լոյս տեսած գիրքերը ներածելով, նաեւ Խորհրդային Հայաստանէն կարգ մը հրատարակութիւններ:
1992-ին գրատունը ունեցաւ հրատարակչատան պետական արտօնագիր, լոյս տեսան ԿԻԼԻԿԻԱ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-ի առաջին երկու հատորները:
1993-ի Դեկտեմբերին փոխադրուեցաւ նոյն պողոտային հանդիպակաց կողմը, ուր կը մնայ, որպէս Գրատուն Հրատարակչատուն եւ գրենականի վաճառքի կեդրոն:
Անցնող տարիներուն Կիլիկիայի աշխատակազմը ուշագրաւ էր, Հայ երիտասարդուհի պաշտօնեաներով: Իսկ մեր ընտանիքի անդամները՝ կինս եւ երկու զաւակներս տեւական աջակցութիւն կը ցուցաբերէին:
2012 թուականի 5 Նոյեմբերին, ժամանակաւորապէս փակեցինք գրատունը վերադառնալու յոյսով, որ դժբախտաբար վերջնական եղաւ:
1992 – 2012 տարիներուն հրատարակչատունէս լոյս տեսած են շուրջ երեք հարիւր հատոր հայերէն գիրքեր: Որոնցմէ երկու հարիւր հատոր մեր հրատարակչատան գիրքերն են, միւս հարիւր հատորներն ալ լոյս տեսած են որպէս անհատ հեղինակներու գործեր, նաեւ միութենական հրատարակութիւններ:
ԿԻԼԻԿԻԱ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ
Հրատարակչատան մարզի հիմնումով, արտասահմանեան հայաշատ գաղութներու գրատուներու եւ վարժարաններու հետ մնայուն կապեր հաստատուեցան: Մեր հրատարակութիւնները հասան աշխարհի չորս ծագերուն բնակութիւն հաստատած հայութեան:
Լիբանանի Հրատարակչատուներուն եւ գրատուներուն հետ ունեցանք սերտ համագործակցութիւն: Մինչեւ 2013 թուականը շուրջ տասը տարիներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տարեկան ցուցահանդէսին, ներկայ եղան Կիլիկիայի հրատարակութիւնները եւ ուշագրաւ սպառում ունեցան:
ԿԻԼԻԿԻԱ հրատարակչատունը համագործակցած է, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ 2001 – 2011 տարիներուն, անոր հովանաւորութեամբ լոյս տեսած են 28 հատորներ, յատկանշական է 1907 -էն սկսեալ, Պոլսոյ մէջ հրատարակուած Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» տարեգիրքերու շարքի վերահրատարակութիւնը, խմբագրութեամբ՝ Լեւոն Շառոյեանի, որուն աշխատասիրութեամբ յաւելուած՝ Բովանդակութեան, Անձնանուններու, Տեղանուններու, Մամուլի եւ Նկարներու ցանկերը, նոր որակ տուին այս կոթողական հատորներուն: Հիմնարկութեան տնօրէն՝ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան մօտէն հետեւած է այս հրատարակութիւններուն:
ՏՊԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
2010-ին Հալէպի մերձակայ «ՇԷՅԽ ՆԱՃՃԱՐ» ճարտարարուեստի քաղաքին մէջ, հազար մեթր տարածութեան վրայ, իրականացաւ արդիական տպարանի պէթոնէ կմախքի կառուցումը: Սակայն Սուրիոյ ծանօթ դէպքերուն պատճառաւ ծրագիրը մնաց անաւարտ:
ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԿԱՅՔ
Անձնող տասնամեակին մեր երազն էր վերականգնել Կիլիկիա Հրատարակչատան գործունէիութիւնը: Նոր կեանքի պայմանները դասաւորելէ ետք, Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ, 2020-ին կրցանք հիմնել առեւտրական հաստատութիւնը, ստանալով պաշտօնական արտօնութիւն, ապա ձեռնարկեցինք արցանց գրատարածի առեւտրական կայքին ծրագրաւորումը:
ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
Հալէպի «Կիլիկիա» գրատան նախաձեռնութեամբ, վերջերս լոյս տեսած են «Կիլիկիա» մատենաշարի առաջին երկու հատորները՝ Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» եւ Երուանդ Օտեանի «Ազգային Բարերար»ը, նոյն հեղինակին քանի մը այլ պատմուածքներով:
Հալէպահայ գաղութին մէջ իբրեւ մշակութային-գրական կեանքի ոգեւորութիւն, այս հատորները կու գան ընթերցասէր հասարակութեան յիշեցնելու, թէ ընթերցումը անհրաժեշտ է միշտ, կարենալ պահպանելու համար հայոց դարաւոր եւ սքանչելի մշակոյթը, նոր սերունդին ծանօթացնելու մեր անմահ հեղինակները, անոնց կողքին նաեւ նոր ստեղծագործողները եւ անոնց գործերը:
Հալէպահայութեան կը մնայ քաջալերել այս նոր նախաձեռնութիւնը, սպառելով հատորները, որպէսզի «Կիլիկիա» գրատուն-հրատարակչատունը քաջութիւնը ունենայ շարունակելու շարքին յաջորդ հատորներուն լոյս ընծայումը:
ԱԶԴԱԿ օրաթերթ, 24 Նոյեմբեր 1992
«Կիլիկիա» հրատարակչատան հիմնումը Հալէպի մէջ, սա վերջին հնգամեակի մեծագոյն իրադարձութիւններէն մին պէտք է նկատել սուրիահայ գաղութին համար, որ տարիներով զրկուած մնացած է գիրք կամ թերթ հրատարակելու սփոփարար կարելիութենէն: «Գանձասար» շաբաթաթերթի երեւումին կողքին (1993 Ապրիլ), Մ. Էպլիղաթեանի հիմնած «Կիլիկիա» հրատարկչատան բացումը (1993 Դեկտեմբեր) նոր հեռանկարներ կը բանայ գաղութին առջեւ ու թեւ կու տայ հրատարակչական ծրագիրեու:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ ՅԱՌԱՋ օրաթերթ, 22 Յունիս 1994
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ գետնի վրայ մեծ եռանդով գործեց Մաթիկ էպլիղաթեանի «Կիլիկիա» հրատարակչատունը, որ կանոնաւոր յաջորդականութեամբ ու առանձին մատենաշարով հրատարակութեան տուաւ հայ նոր գրականութեան դասականացած երկերը, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ վերահրատարակեց հայագիտական կարեւոր գործեր, ինչպէս՝ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի «Պատմութիւն Հալէպի հայոց»ը, Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանուններու բառարան»ը, Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» տարեգիրքերու ամբողջ շարքը եւ այլն: Սուրիահայ հրատարակութիւնները փնտռուեցան Սփիւռքի տարբեր անկիւններէն:
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ 9 ԱՊՐԻԼ 2021
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԵՐԸ 1970 – 2010 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ (Համառօտ ակնարկ) Յատուած: