$25.00

Անգլերէն-հայերէն ուսանողական բառարանը, ամենավերջին ստեղծագործական աշխատանքը կը նկատուի լիբանանահայ երբեմնի հրապարակագիր, պատմագրող եւ բառարանագիր Մարտիրոս Գուշագճեանին (1927- 1999) Գուշագճեան, տասնամեակներ առաջ (1970) համբաւ ձեռք բերեր էր արդէն իր անգլերէնէ-հայերէն ու հայերէնէ-անգլերէն Արդի բառարաններով, զորս պատրաստեր էր վեր Տիգրան Խնդրունիի գործակցութեամբ, եւ որոնք արագօրէն սպառելով՝ հետագային ունեցեր էին յաւելեալ երկու վերահրատարակութիւններ եւս (Տօնիկեան հրատարակչատունէն, Պէյրութ)։Նորատիպ այս բառարանին հրատարակիչ Էպլիղաթեան յայտնած է թէ Մարտիրոս Գուշագճեանի անակնկալ մահը պատճառ եղած է, որ այս բառարանը մնայ իր սկզբնական անկատար եւ թերի վիճակին մէջ։ Կիլիկիա հրատարակչատունը զայն վերամշակելու պարտականութիւնը յանձնած է հալէպաբնակ հմուտ ուսուցչուհի Ալիս Գույումճեանին (անգլերէն լեզուի երկարամեայ նախկին դասատու՝ Հալէպի պետական համալսարանին մէջ): Օրդ. Գույումճեան, պահելով հանդերձ Գուշագճեանի կազմած բնագրին էական խարիսխը, ամբողջովին վերակազմած է բառարանը ու համալրած զայն։ Այս սիրուն ու երկգոյն (սեւ ու կարմիր բառեր) բառարանը կը բաղկանայ 608 էջէ։ Կը պարունակէ 18500 անգլերէն բառերու բացատրութիւնը։ Գործը դիւրատար դարձնելու միտումով՝ անգլերէն բառերուն կողքին, փակագիծի մէջ, տրուած է անոնց հայատառ հնչիւնը։ Այս հնչիւնները ընդհանրապէս կը հետեւին օքսֆորտեան հնչաբանութեան։ Իսկ բառերուն հայերէն բացատրութիւնները ընդհանրապէս տրուած են 3-4հոմանիշներով. վերստուգումը կատարած է Էօժենի Դանիէլեան, իսկ անգլերէն բաժինինը՝ Պեթի Էպլիղաթեան, երկուքն ալ՝ հալէպաբնակ:

In stock

Description

ԱՆԳԼԵՐԷՆԷ ՀԱՅԵՐԷՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ – ENGLISH ARMENIAN STUDENT DICTIONARY
Կազմեց՝ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆ – By MARDIROS KOUSHAKJIAN
Վերամշակեց՝ԱԼԻՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ – Improved by ALICE KOUYOUMJIAN
Հրատարակութեան Վայր – Հալէպ – Published place – Aleppo
Հրատարակութեան տարի Published year – 2007
Հրատարակչատուն – ԿԻԼԻԿԻԱ – CILICIA publishing
pages Էջեր 608
Series number – Ընդհանուր թիւ 134
Price Գին 25,00 US $

Additional information

Weight 0.525 kg
Dimensions 17 × 12 × 3 cm

Reviews

There are no reviews yet.

Only logged in customers who have purchased this product may leave a review.