ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ հեղինակ՝ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ, որ կը նկատուի իր ստեղծագործութիւններու գլուխ-գործոցներէն, հրատարակուած է 1992-ին: Առածի կարգ անցած է արդէն «Քաղաքավարութեան Վնասներ» ըսելաձեւը, մարդկային ազնիւ կեցուածքներու հանդէպ այլոց անքաղաքավար վերաբերմունքի պատկերները կը տեսնենք Պարոնեանի գրիչին շնորհիւ: Գիրքի երգիծանկարներու հեղինակն է Վարդգէս Պարսումեան:
Հայրենի հանրայայտ ասմունքի վարպետ ՍԻԼՎԱ ԵԻՒԶՊԱՇԵԱՆ, 1997 թուականին հիւրն էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Սուրիոյ հայաշատ քաղաքներու մէջ բանաստեղծական մատուցումներ կատարելու կողքին՝ բանաստեղծական մեկնաբանութեան դասընթացքներով պեղեց նոր սերունդի ասմունքի ձիրքերը, որոնցմէ ոմանք յետագային կիրարեցին այս արուեստը: ԿԻԼԻԿԻԱ հրատարակչատան փափաքին ընդառաջելով ան կազմեց «ՈՍԿԻ ԵՐԱԿ» անուան տակ բանաստեղծական ծաղկաքաղի հատոր մը: Հոն տեղ գտած են շուրջ 300 քերթուածներ 22…