$75.00

In stock

Description

ԿԻԼԻԿԻԱ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ – Ամբողջական գեղակազմ, բովանդակութիւնը՝ հետեւեալ 12 հէքեաթները – ՇՈՒՆՆ ՈՒ ԿԱՏՈՒՆ – ԿԱԹԻԼ ՄԸ ՄԵՂՐ – ԱՆԽԵԼՔ ՄԱՐԴԸ – ՈՍԿԻԻ ԿԱՐԱՍԸ – ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ – ՏԷՐՆ ՈՒ ԾԱՌԱՆ – ԽՕՍՈՂ ՁՈՒԿԸ – ԶՈՒԱՐՃԱՑՈՂԻՆ ԶՈՒԱՐՃՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՊԱԿՍԻՐ – ՔԱՋ ՆԱԶԱՐ – ԱՆԲԱԽՏ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՆԵՐ – ՓԱՐՒԱՆԱ – ԱՂԱՒՆԻՆԵՐՈՒ ՎԱՆՔԸ:
Հեղինակ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ – Written by HOVHANNES TOUMANIAN
Արեւմտահայերէնով վերապատմեց՝ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ (ԱՐԹՕ ՃԻՒՄՊԻՒՇԵԱՆ)
Translated to Western Armenian by ZAREH KHRAKHOUNI (ARTO GUMBUSHIAN)
Նկարազարդեց՝ ՅԱԿՈԲ ՏՕԼՄԱՃԵԱՆ – illustrated by HAGOP DOLMADJIAN
ԿԻԼԻԿԻԱ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ – ՀԱԼԷՊ 2009 – CILICIA PUBLISHING HOUSE – Aleppo 2009
Պատկերազարդ եւ գունաւոր 192 էջ – Illustrated and colored 192 pages
Ընդհանուր թիւ – Series number 050
Սակ Price 75.00 US$

Additional information

Weight 1.000 kg
Dimensions 23.5 × 24.5 × 1.8 cm

1 review for G050 – ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ – 12 ՀէՔԵԱԹՆԵՐ, գեղակազմ, Արեւմտահայերէնով վերապատմեց՝ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

  1. Eblighatian Mateos

    Զարեհ Խրախունի Անմահն Յովհաննէս Թումանեանի մանկական հեքիաթներու  արեւմտահայերէնի պատշաճեցման աշխատանքներուն սկսած է վաթսունական թուականներէն ի վեր, որոնք հրատարակուած էին Պոլսոյ, Փարիզի եւ Երուսաղէմի մէջ:
    Մանկավարժական տեսակէտէ յարմարագոյն հեքիաթներով եւ բոլորովին նոր տարազաւորումով ու նկարազարդումով մանկապատանեկան «Թումանեան մատենաշար» արեւմտահայերէնով կազմելու գաղափարն ու ձեռնարկը երբ ներկայացուցի պրն. Արթոյին, սիրայօժար ընդառաջեց, ոչ միայն ցարդ հրատարակուած վեց- եօթը հեքիաթները տրամադրել, այլեւ եռանդով  լծուեցաւ շարքին թիւը տասներկուքի ամբողջացնելու տենդագին աշխատանքին:
    Քսանմէկերորդ դարու արդի հաղորդակցական միջոցները մատչելի չէին մեր սիրելի Խրախունիին, փոխադարձ նամակագրութիւնը դասական դրութեամբ խորքին մէջ վայելք մըն էր, Խրախունին ունէր պաշտօնական անթեթաւոր նամակաթուղթ, սովորական թուղթի կէս չափով, այդ ընտրութիւնը ըրած ըլլալու էր համապատասխան իր մանր,  սակայն գեղեցիկ եւ ընթեռնելի ձեռագրին: Պահարաններուն վրայ նոյնքան գեղագիր եւ խնամուած հասցէները արձանագրուած լատիներէն տառերով, երջանկութեամբ կը ստանայի նամակատուփէս:
    Նոյն շրջանին պարբերաբար կը ղրկէր իր հեղինակած գիրքերը` իմաստալից մակագրութիւններով, այս բոլորը եւ նամակագրութեան թղթածրարը կը մնան Հալէպի այլ արժէքաւոր հաւաքածոներուս եւ անձնական ճոխ գրադարանիս հետ:
    Հեռակայ դրութեամբ մեր այս գործակցութիւնը չսահմանուեցաւ բնագրի աշխատանքներով: Մատենաշարի գծագրիչ հալէպահայ արուեստագէտ Յակոբ Տոլմաճեանի վրձինի իրագործումներու նախագիծը կը ղրկէի եւ իր արուեստաբանի գրաւոր մեկնաբանութիւնները նիւթի եւ նկարի պատշաճեցման մասին, ժամանակի իրերուն տարազներուն դէմքի արտայայտութիւններուն եւ շրջապատի շուրջ կը գրէր, որ մեր կողմէ կ՛ընկալուէր մեծ հաճոյքով:
    Հրատարակչական այս աշխատանքը, շուրջ երկու տարիներու երկարութեամբ, տասներկու գիրքերու առանձին գրքոյկներու տպագրութիւնը պսակուեցաւ գեղակազմ  հատորի մը լոյս ընծայումով, որուն յառաջաբանին  վերջին պարբերութիւնը կը վկայէ մեծ մարդու մը համեստ հոգին, երբ կ՛ըսէ.
    «Կը մաղթեմ, որ արեւմտահայերէնի վերածումի ընթացքին մեծանուն հեղինակին բնագրէն կատարուած պարտադիր շեղումներն ու փոքր յաւելումները բարեացականութեամբ կ՛ընկալուին գրասէրներու կողմէ, եւ վարպետին այս տասներկու հեքիաթները կ՛արժանանան խանդավառ ընդունելութեան` հայկական մեր կրթարաններէ եւ հայօրէն ապրող տուներէն ներս»:

Only logged in customers who have purchased this product may leave a review.