Անգլերէն-հայերէն ուսանողական բառարանը, ամենավերջին ստեղծագործական աշխատանքը կը նկատուի լիբանանահայ երբեմնի հրապարակագիր, պատմագրող եւ բառարանագիր Մարտիրոս Գուշագճեանին (1927- 1999) Գուշագճեան, տասնամեակներ առաջ (1970) համբաւ ձեռք բերեր էր արդէն իր անգլերէնէ-հայերէն ու հայերէնէ-անգլերէն Արդի բառարաններով, զորս պատրաստեր էր վեր Տիգրան Խնդրունիի գործակցութեամբ, եւ որոնք արագօրէն սպառելով՝ հետագային ունեցեր էին յաւելեալ երկու վերահրատարակութիւններ եւս (Տօնիկեան հրատարակչատունէն, Պէյրութ)։Նորատիպ այս բառարանին հրատարակիչ Էպլիղաթեան յայտնած է…
Հրաչեայ Աճառեանի հինգ հատորներէ կազմուած ՀԱՅՈՑ ԱՆՁՆԱՆՈՒՆՆԵՐԻ ԲԱՌԱՐԱՆի շարքի առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսած էր երեւանի մէջ 1942 – 1961 տարիներու ընթացքին, ապա Լիբանանի մէջ Սեւան հրատարակչատունը վերահրատարակեց այս շարքը 1972 – ին: 2006 թուականին հալէպի մէջ լոյս տեսած նորագոյն հրատարակութեան մասին հանրայայտ գրագէտ հրապարակագիր Ռոպէր Հատտէճեան Պոլսոյ ՄԱՐՄԱՐԱ օրաթերթին մէջ 31 Յունուար 2007 –ին, կանդրադառնայ որմէ մէջբերում մը՝ «Հալէպի «ԿԻԼԻԿԻԱ» …