Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպի՝ Կիլիկիա հրատարակչատան նորատիպ հրատարակութիւններուն մէջ, ի շարս այլոց, վերջերս ուշադրութիւն գրաւեցին հայերէն ընդարձակ երգարան մը (2008) եւ ուսանողներու յատուկ անգլերէնէ հայերէն շատ գործնական բառարան մը (2007): Երգարանը կը կոչուի Նոր Քնար կը բաղկանայ 610 էջերէ։ Ասիկա լուսանկարային պատճէնահանեալ անփոփոխ վերահրատարակութիւնն է 1963-ին Պէյրութ տպագրուած նոյնանուն երգարանին, զոր կազմած էր ծանօթ մտաւորական Կարօ Գէորգեան (1895-1975) Գէորգեան հայ…